Հայաստանի Քննչական կոմիտէն նախաքննութիւնը աւարտած է, Շուշիի եւ «Արեգայ» բարձունքի անկման մեղաւոր ճանչցուած է Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեան։
Ներկայիս գործը ղրկուած է դատախազութիւն։
Արզումանեանի փաստաբանը այս օրերուն հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը պնդէ, որ իր պաշտպանեալին դէմ յարուցուած մեղադրանքները չեն համապատասխաներ իրականութեան։