Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան ներխուժած Ազերպայճանցիներու վանդալական արարքը՝ Որոտնավանքին մէջ

Հայաստանի տարածք ներխուժած ազերպայճանցի զինուորականները վանդալական արարք գործած են Որոտնավանքի եկեղեցւոյ մէջ։

Արդարեւ, համացանցով տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ պատռուած է եկեղեցւոյ պատին փակցուած Գրիգոր Տաթեւացիի պատկերը։

Որոտնավանքը միջնադարեան վանական համալիր է՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ։ Ան կը գտնուի Սիսիանէն շուրջ 14 քմ. արեւելք, Որոտանի կիրճի ձախակողմեան բարձունքին վրայ։ Հիմնադրուած է 1000 թուականին Սիւնեաց թագուհի Շահանդուխտի կողմէ։