Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ներողութիւն խնդրելու պահը

Հայաստան դասուած է աշխարհի տասը ամէնէն ապահով երկիրներու շարքին։ Բայց եւ այնպէս, 2022 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է յանցագործութեան 37 612 դէպք, նախորդ տարուան համեմատաբար 24,4 տոկոս աճ արձանագրելով։ Մտահոգիչ է եւ քաղաքական բեւեռացած մթնոլորտը չ՚օգներ որ վիճակը բարելաւուի։

Ապրիլ ամսուն սկիզբը Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններու շրջանակին մէջ անհանդուրժողութեան եւ բռնութեան կարգ մը երեւոյթներ արձանագրուեցան, որոնք թեթեւ յանցագործութեան դէպքեր ըլլալով հանդերձ, ցուցիչն են աւելի խոր, արմատական անհանդուրժողութեան եւ իշխանութեան դիրքի չարաշահումի։ Քաղաքական ընդդիմութեան մէջ նկատելի է իշխանափոխութեան ընդյատակեայ, դեռ աւելի ծանր՝ մինչեւ մահուան սպառնալիքի եկեւոյթը, որ յատկապէս 2020-ի պատերազմէն ետք շեշտուած կերպով կը շարունակուի։

Ծաղկազարդի Կիրակի օրը միջադէպ մը յատուկ արձագանգ գտաւ Հայաստանի առաջին նախագահին՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ցնցիչ յայտարարութեան պատճառով, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան դաշնակցական երիտասարդի մը երեսին թքեց՝ հակազդելով վերջինիս իր հասցէին ուղղած «դաւաճան» արտայայտութեան։ «Ալէն Սիմոնեանի արարքը մեր պետականութեան վարկին հասցուած ամենամեծ վնասն է» կը յայտարարէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ կը թելադրէր Ազգային ժողովի նախագահին հրաժարականը։

Արձագանգելով Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականի պահանջին, Ալէն Սիմոնեան արդարացուց ինքզինք, ըսելով. «Լկտիութիւնը եւ խուլիգանութիւնը չեմ կարող ես անարձագանգ թողնել»։ Սակայն, Հայաստանի առաջին նախագահին հակազդեցութիւնը անարձագանգ չմնաց. հակառակ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կարգ մը ներկայացուցիչներու՝ իրենց գործընկերոջ պաշտպանութեան փութալուն, Կառավարութիւնը, յանձինս Կրթութեան նախարարուհիին, արձանգանգեց նշելով. «Կարծում եմ՝ նման միջադէպերը պատիւ չեն բերում, պաշտօնը ենթադրում է նաեւ հանրային վարքագիծ»։ Վարչապետ Փաշինեանի տղան եւս սուր կերպով ժխտեց Ալէն Սիմոնեանի տարածած լուրը, թէ ինք եւս յարձակումի ենթարկուած է։ Այս դէպքերէն ետք, Սիմոնեան հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց։

Թերեւս առաջին անգամն է, որ Հայաստանի իշխանութեան առաջնակարգ ներկայացուցիչ մը նման քայլի կը դիմէ, ինչ որ մեծ յառաջդիմութիւն է, իշխանութեան գլուխ գտնուող մարդոց ամենաթողութեան դիմաց։ Իսկապէս մեծ յառաջընթաց կայ, մանաւանդ եթէ բաղդատենք Քոչարեանի նախագահութեան օրօք, 2001-ին, Պօղոս Պօղոսեանի մահուան դէպքին հետ, ուր նոյնպէս երիտասարդ դաշնակցական մը Երեւանի «Առագաստ» սրճարանի զուգարանին մէջ Ռոբերտ Քոչարեանի թիկնապահներուն կողմէ ծեծի տակ սպանուեցաւ, պարզապէս որովհետեւ յանդգներ էր նախագահին «պրիվետ Ռոպ» (բարեւ Ռոպ) ըսել։ Դատարանը մեղաւոր ճանչնալով հանդերձ թիկնապահ Աղամալ Յարութիւնեանը, զինք միայն երկու տարի բանտարկութեան դատարպարտեց, այն ալ՝ մէկ տարուան փորձաշրջանով, ինչ որ գրեթէ անպարտ արձակելու ձեւ մըն էր։

Այսուհանդերձ, քաղաքացիական կարգ մը կազմակերպութիւններ, ինչպէս «Իրազեկ քաղաքացիներ»-ը, կը պահանջեն Ազգային Ժողովի Էթիկայի (բարոյագիտութեան) յանձնաժողովի գումարումը, քննելու համար միջադէպը։

Նոյնքան ծանրակշիռ է Ազգային ժողովի «Հայաստան » խմբակցութեան երեսփոխան Մհեր Սահակեանի յարձակումը «Պետական իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողով»-ի նախագահ Վլադիմիր Վարդանեանի վրայ։ Սակայն այս առթիւ տակաւին ներողութիւն չէ հնչած։

Երրորդ միջադէպը, որ թերեւս ամէնէն ծանրակշիռն է, Հայաստանի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանի (ՄԻՊ) թափուր մնացած պաշտօնին նոր թեկնածուի մը ընտրութեան առթիւ ծագած լեզուակռիւն է. Ընդդիմութեան թեկնածու Էդգար Ղազարեան գործող իշխանութիւնը «յանցաւոր ռեժիմ» որակած է, մինչ նոյն պահուն Ազգային ժողովի շէնքին դիմացը, Էդգար Ղազարեանի խումբ մը պաշտպաններ բարձրաձայն յայտարարած են, թէ «Նիկոլականներուն մարմինները պէտք է Երեւանի ծառերէն գլխիվայր կախել»։ 

Մինչ այդ, Արցախ չորս ամիսէ ի վեր շրջափակման մէջ է ու ոչնչացման վտանգի դէմ-յանդիման, իսկ Հայաստան դեռ չէ վերագտած իր ինքնապաշտպանական ու անվտանգային համակարգը։

Ժ.Չ. ■