Հայաստանի դեսպանին մամլոյ ասուլիսը՝ դիւանագիտական մամուլի ներկայացուցիչներուն առջեւ
Երեքշաբթի, Ապրիլ 11-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան մամլոյ ասուլիս մը սարքած է ֆրանսական դիւանագիտական մամուլի ընկերակցութեան լրագրողներուն համար։ Դեսպանուհին գնահատած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աւելին ընել «ճնշելու» համար Ազերպայճանի վրայ, որ կը խեղդէ Արցախի Հայերը, Պաքուն ամբաստանելով «ցեղային զտում» նախապատրաստելու մեղադրանքով։
“Ազերպայճանի նպատակը բոլորին համար պարզ է, ան կ՚ուզէ կատարել ցեղային զտում. սա ցեղասպանութիւն մըն է, որ կը նախապատրաստուի։ Ազերպայճան սովի մատնած է ամբողջ բնակչութիւն մը, զայն ստիպելու համար լքելու իր հայրենի հողերը”,– ըսած է ան։
Դեսպանուհին նաեւ նշած է, ճիշդ է՝ միջազգային հանրութեան կողմէ եղան դատապարտումներ Բերձորի շրջափակման կապակցութեամբ, բայց այդ բաւարար չէ։ “Եւրոպական Միութիւնը իր դիւանագիտական զինանոցին մէջ ունի բաւական լծակներ Ազերպայճանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար”,– ընդգծած է դեսպանուհին, նշելով «նպատակային պատիժներու» դիմելու կարելիութիւնը, մինչ այդ երկիրը կազ կը մատակարարէ Եվրոպական Միութեան։ “Ազերպայճան Ռուսաստան չէ, Թուրքիա չէ, Չինաստան չէ”,– շարունակած է ան՝ աւեցնելով, որ “եթէ լծակները օգտագործուէին, անոնք արդիւնաւէտ պիտի ըլլային”։
Թէեւ համայն աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրաինայի վրայ, «մի քանի առումով Արցախ եւ Հայաստան կրնան այդ պատերազմի կողմնակի զոհերը դառնալ», աւելցուցած է տիկին Տոլմաջեան։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Գոլոնա անցեալ ամիս յայտարարեց, որ կը ծրագրէ Ապրիլին այցելել Ազերպայճանի եւ Հայաստանի մայրաքաղաքներ՝ յատկապէս յիշեցնելու համար «հարցերը քաղաքական ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը»։
Նշենք, որ «Ֆիկառօ»-ն լայնօրէն արձագանգած է այս ասուլիսին՝ հրապարակելով տիկին Տոլմաջեանի մեկնաբանութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի սահմանին տիրող իրավիճակին վերաբերեալ։