Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարան Ապրիլ 11-ին Երեւանի մէջ ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Կողմերը քննարկած են պատերազմէն յետոյ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, անդրադառնալով Արցախի շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն։
Լիոնի քաղաքապետը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի ժողովուրդին եւ ընդգծած շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Սերկէյ Ղազարեան նշած է, թէ Արցախի ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի ջերմ ու բարեկամական վերաբերումը Արցախի հանդէպ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին՝ հանդիպումին նախաձեռնելուն համար։