Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՄ-ի դէտերը Ազերպայճանի յարձակման պահուն տուեալ տարածքին մէջ չեն եղած եւ կրակոցներու մասին իմացած են Հայաստանի իշխանութիւններէն

«Արմէնփրէս»-ի հարցումին, թէ ԵՄ-ի առաքելական խումբը Ազերիներու յարձակման մասին տեղեկացուցա՞ծ է Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ ԵՄ-ի ղեկավարութեան արձագանգը ի՞նչ եղած է, ԵՄ-ի դիւանագիտական ծառայութեան մամլոյ բաժնէն հետեւեալը յայտնած են.

«Հայաստան տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները Ազերպայճանի կողմէ Տեղ գիւղի մերձակայքին ճարտարագիտական աշխատանքներ կատարող հայ զինուորներուն վրայ յարձակման ժամանակ տուեալ տարածքին մէջ չեն եղած․ անոնք այնտեղ եղած են Ապրիլ 11-ի առաւօտեան, երբ յարձակումը տակաւին չէր սկսած եւ միայն ուշ երեկոյեան Հայաստանի իշխանութիւններէն տեղեկացած են կրակոցներու մասին»։