Ազերպայճանցի դիւանագէտ, Էսթոնիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ դեսպան Մուրատ Նաճաֆպէյլի Ապրիլ 12-ին նշանակուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պետական սահմանի զատման յանձնաժողովի քարտուղարութեան ղեկավար։ Անոր նշանակման հրամանագիրը ստորագրած է Ազերպայճանի վարչապետը։
Նշենք, թէ Երեւան եւ Պաքու սահմանազատման յանձնաժողովները կեանքի կոչած են 2022 Մայիսին։ Ցարդ երեք հանդիպում տեղի ունեցած է, բայց էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած։