Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Տեղ գիւղի մերձակայքին տեղի ունեցած Ազերպայճանի զինեալ յարձակման կապակցութեամբ։
Ստորեւ այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը.
«Ֆրանսա խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Ապրիլ 11-ին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին՝ Հայաստանի Տեղ գիւղի մերձակայքին տեղի ունեցած բռնութիւններու կապակցութեամբ, պատճառ դառնալով երկու կողմերէն ալ կորուստներու եւ վիրաւորներու։ Այս արարքը կ՚ընդգծէ, որ սահմանագծումը պէտք է իրականացուի բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով, եւ մենք կողմերուն կոչ կ՚ընենք շարունակելու ջանքերը այդ ուղղութեամբ։
Հայաստանի հողային ամբողջականութեան յարգումը եւ շփման գիծի հայկական կողմի գրաւեալ դիրքերէն ազերպայճանական ուժերու հեռացումը անհրաժեշտ են ապագայ միջադէպերը կանխելու եւ տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան հիմքերը պահպանելու համար: Ֆրանսա ամբողջովին կ՚աջակցի սահմանի հայկական կողմը տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան:
Առաքելութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ Եւրոպական Միութեան հետ միասնաբար՝ ի նպաստ հրադադարի, երկխօսութեան եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւններու շարունակութեան»։
Պաքու «միակողմանի» որակած է Փարիզի յայտարարութիւնը
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը «միակողմանի» եւ «իրականութեան չհամապատասխանող» որակած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը։
«Հայաստանին՝ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը յարգելու կոչ չընող եւ ըստ եռակողմ յայտարարութեան եւ Փրակայի հանդիպման արդիւնքներուն,– որուն մասնակցած է Ֆրանսայի նախագահն ալ,– Ազերպայճանի հողերէն հայկական զինեալ ուժերու հեռացումը չպահանջող Ֆրանսայի կեցուածքը՝ մեր երկրին նկատմամբ անոր կողմնակալ վերաբերումի օրինակ կը հանդիսանայ»,– պնդած է Պաքու։