Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն. «Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ազերպայճանցի երկրորդ զինուորը»

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Ապրիլ 13-ին Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ազերպայճանցի երկրորդ զինուորը, որու հետքը գտնելու աշխատանքները երեք օրէ ի վեր կը շարունակուէին։

Յիշեցնենք, թէ ազերպայճանական լրասփիւռները, յղում ընելով իրենց երկրի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումներուն, նշած էին, թէ այդ երկու ազերի զինուորները մոլորուած էին Նախիջեւանի շրջանէն՝ օդի անբարենպաստ պայմաններու հետեւանքով։ Իսկ գոնէ առաջին Ազերիին յայտնուած վայրը՝ Բնունիս եւ Աշոտաւան համայնքները եղած են, որոնք ազերպայճանական դիրքերէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։

Յատկանշական է, որ նախորդ օրը՝ Ապրիլ 12-ին, վարչապետ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած էր, թէ ըստ իրենց ունեցած տուեալներուն, երկրորդ զինուորը սահմանը անցնելէ շատ չանցած նոյն սահմանամերձ գիւղին մէջ ըսած է, թէ ինք կը զղջայ եւ կ՚ուզէ վերադառնալ իր հայրենիքը։