Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ  – Արցախի շրջափակման հարցով գիտաժողով Սորպոնի մէջ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13-ին հեղինակաւոր Սորպոնի համալսարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ կարեւոր գիտաժողով մը՝ «Արցախի շրջափակումը»  խորագրով, որ կը կրէր «Ուժը գերակա՞յ է իրաւունքէն» ենթախորագիրը։ 

Նախաձեռնութիւնը կը պարտինք ֆրանսական իրաւունքի պատմաբան, իրաւաբանական համալսարաններու դասախօս, Անտիկական շրջանի եւ Միջնադարու հայ եւ բիւզանդական կանոնական իրաւունքի պատմութեան մասնագէտ, փրոֆ. Արամ Մարտիրոսեանին։

Շուրջ երկու հարիւր ներկաները, որոնց մաս կը կազմէին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հետաքրքրութեամբ ու կլանուած հետեւեցան Արցախի ներկայի մտահոգիչ իրավիճակին վերաբերեալ՝ աշխարհաքաղաքագիտութեան, մարդասիրական ոլորտի եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու վկայութիւններուն, ելոյթներուն։

Արամ Մարտիրոսեան իր ներածական խօսքին մէջ յատկապէս թուեց այն բոլոր կէտերը, որոնք Բերձորի միջանցքի խափանումով յստակօրէն կը հակասեն միջազգային օրէնքին։ Ան նաեւ խստօրէն դատապարտեց Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները, միաժամանակ ափսոսանք յայտնելով, որ Ֆրանսա աւելի յստակ դիրք չի ճշդեր Հայութեան կողքին։

Այս գիտաժողովին առանցքը կազմեց Կովկասի եւ յատկապէս Արցախի մէջ Հայոց նկատմամբ Ազերպայճանի ռազմատենչ կեցուածքով ստեղծուած խառնակ ու մտահոգիչ իրավիճակը։

Յովհաննէս Գէորգեան, բնականաբար տիրող կացութենէն խիստ մտահոգ, ներկայացուց ամենայն մերկութեամբ իրադրութիւնը, զոր կարելի չէ այլ որակումով բնութագրել, քան՝ ողբերգական։ 

Այնուհետեւ խօսք առաւ CF2R-ի գիտաշխատող, հետազօտող Տիգրան Եկաւեան։ Ան իր   ներկայացման մէջ ծանրացաւ Հայաստանի եւ Հայոց՝ իրենց դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն վրայ, անցեալէն այսօր, Ազերպայճանի հետ հակամարտութեան վերաբերող՝ Հայաստանի ու Արցախի քարտէսներու լուսարձակումով: Իր ելոյթի վերջաւորութեան, Եկաւեան կեդրոնացաւ Ազերպայճանի ռազմավարութեան, Ալիեւի ազգայնական հռետորաբանութեան վրայ, որ դժնդակ դարձուցած է  Արցախահայութեան կեանքը։

Եկաւեանին յաջորդեց Ալէն Պուանէ, որ մարդասիրական գործողութիւններով կը զբաղի 1990-էն ի վեր. ան նաեւ նախագահն է « Défis humanitaires » հանդէսին։ Պուանէ հաւաստեց, թէ ինք հաւատարիմ կը մնայ Արցախի վերակառուցման եւ անոր կարիքներու դիմագրաւման գաղափարներուն: Յայտնեց, թէ ամբողջովին կը բաժնէ Պերնար Քուշնէրի համոզումը, թէ լուծումը պէտք է ըլլայ բացառաբար քաղաքական, այլապէս պատերազմը անխուսափելի կը դառնայ։

Figaro Magazine-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, որ այնուհետեւ խօսք առաւ, շեշտը դրաւ Ալիեւի դէմ պատիժներ սահմանելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Յայնեց, թէ Արցախի եւ Հայաստանի պարագաները իրարմէ անանջատելի են. «եթէ լքենք Արցախը, կը լքենք Հայաստանը, եւ հակառակը»,– ընգծեց ան։ Երկար անդադառնալով ազերպայճանական այն բոլոր ոտնձգութիւններուն, որոնց զոհ կը դառնան Արցախցիները, նշեց թէ՝ «մեր պարտքն է անոնց ցուցաբերել ամենամեծ աջակցութիւնը»։ Խօսեցաւ յոյսի նշոյլի մը մասին, որ կը վերաբերի միջազգային մարդասիրական մօտալուտ շարասիւնի մը դէպի Արցախ։ Պիւիսոն շեշտը դրաւ երկիրը որակելու համար՝ Արցախ անուանումը գործածելու անհրաժեշտութեան վրայ, նշելով որ Լեռնային Ղարաբաղ անուանման ծագումը յստակ չէ: Ան իր խօսքերը յաճախ «գունաւորեց» Անթուան Ակուճեանի տեղւոյն վրայ ըրած բազմաթիւ լուսանկարներով:

Գիտաժողի փակման ելոյթը արտասանեց փաստաբան եւ գրող մէթր Ֆրետերիք Ֆորկ։ Ան, բազմաթիւ փաստաթուղթեր ցուցադրելով պաստառին վրայ, կատարեց միջազգային իրաւունքի թէքնիք վերլուծութիւններ, խօսելու համար այս ամէնուն մէջ ցեղասպանութեան ոճիրին առնչուող հանգամանքներուն մասին: Յայտնեց, թէ ամէնէն կարեւորը «ապօրինի իրավիճակին՝ իրաւական պատասխան մը կարենալ տալ»-ն է։

Գիտաժողովի աւարտին, Արամ Մարտիրոսեան յայտարարեց, թէ կը ծրագրէ ապագային կազմակերպել  նոր վիճարկում մը:

Թ.Շ.

Լուսանկարը՝ Ժան Էգեանի