Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեան իր նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանի հետ։
Մանասեան ընդգծած է Արցախի իր պաշտօնակցին հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Կողմերը անդրադարձած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին, մարդկային իրաւանց խախտումներուն, քննարկելով անոնց հասցէագրման կարելիութիւնները։
Գեղամ Ստեփանեան շնորհաւորած է Մանասեանը՝ վերջինիս պատասխանատու առաքելութեան ստանձնման կապակցութեամբ եւ վերահաստատած փոխադարձ գործակցութեան իր յանձնառութիւնը: