Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՖՐԱՆՍԱ – Լիոնի քաղաքապետին հանդիպումը Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարարին հետ

Ռազմագերիի մը հովանաւորման առաջին պարագայ մը

Ապրիլ 13-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան ընդունած է Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը` փոխնախարարը ընդգծած է Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ առանձնայատուկ կապերն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որ իր ուրոյն տեղն ունի ֆրանքեւհայկական  յարաբերութիւններուն մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Լիոնի քաղաքապետին անցեալ տարի ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան չորրորդ համաժողովը իր ղեկավարած քաղաքին մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելուն եւ հայկական տարածքային կառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները հիւրընկալելուն համար:

Յովհաննիսեան ներկայացուցած է տարածաշրջանի առկայ մարտահրաւէրները եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի շարունակական ջանքերը։ Անդրադառնալով Ազերպայճանի յարձակողական գործողութիւններուն, այդ կարգին՝ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամին ու Ապրիլ 11-ին Տեղ գիւղի մերձակայքին ազերպայճանական կողմի ռազմական գործողութիւններուն՝ փոխնախարարը յայտնած է, որ Պաքու միտում ունի ամբողջութեամբ խաթարելու Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը եւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը: Այս համածիրին մէջ ան ընդգծած է Բերձորի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ղրկելու հրամայականը, եւ շեշտած Արդարադատութեան միջազգային ատեանի Փետրուար 22-ի որոշումը գործադրելու կարեւորութիւնը:

 

Լիոնի քաղաքապետութիւնը կը ստանձնէ ռազմագերի Գրիգոր Սաղաթէլեանի հովանաւորութիւնը

Հանդիպման աւարտին, ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Լիոնի քաղաքապետին եւ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ ռազմագերի Գրիգոր Սաղաթէլեանի հօր` Սեյրան Սաղաթէլեանի հանդիպումը:

Այս առթիւ, առաջին անգամ ըլլալով՝ քաղաքապետարան մը,– եւ այն ալ՝ Լիոնի նման կարեւոր եւրոպական քաղաքի մը,– հովանաւորութիւնը ստանձնած է ռազմագերիի մը, յանձին Գրիգոր Սաղաթէլեանի։ 

Նման արշաւի մը գաղափարը յղացած են ոչ-կառավարական երեք կազմակեպութիւններ՝ COVCAS կեդրոնը, Hyestart-ը եւ Հայատեացութեան դիտարանը (L’Observatoire d’arménophobie), որոնք եւրոպական քաղաքապետարաններու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կամ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կը թելադրեն հովանաւորել ռազմագերիներ, բացատրելով.

«Հովանաւորել ռազմագերի մը կը նշանակէ պաշտպանել զայն դաժան, անմարդկային կամ նուաստացուցիչ վերաբերումէ, որուն ան պարբերաբար կ՚ենթարկուի, երբ ան բանտարկուած է նուազագոյն ազատութիւններու եւ համընդհանուր իրաւունքներու ցած մակարդակ ունեցող երկրի մը մէջ:

Զօրակցութեան այս արշաւը նպատակ ունի հայրենադարձնել հայ ռազմագերիները, որոնք ապօրինաբար կը պահուին ազատութիւններու եւ համընդհանուր իրաւունքներու ոլորտին մէջ աշխարհի ամենագէշ վարկանիշի տէր երկիրներէն մէկուն՝ Ազերպայճանի կողմէ, որ յայտնապէս զանոնք կ՚ուզէ գործածել որպէս պատանդ եւ շանթաժի տարր աւելի շատ զիջում ձեռք ձգելու համար Հայաստանէն եւ Արցախէն»։