Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մարզահամալիրի բեմին վրայ այրած են Ազերպայճանի դրօշը

Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան բացման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցած է տարբեր երկիրներու դրօշներու շքերթը։ Երբ բեմին վրայ յայտնուած է Ազերպայճանի դրօշը, հանդիսատեսները սկսած են բարձրաձայն սուլել։ Անմիջապէս յետոյ անակնկալօրէն մարզադահլիճէն բեմ վազած է նշանաւոր ձեւաւորող (designer) Արամ Նիկոլեան եւ դրօշը բարձրացուցած աղջկան ձեռքէն խլած է զայն ու այրած։ Անվտանգութեան աշխատակիցները ձերբակալած են Նիկոլեանը ու տարած ոստիկանատուն։ Ականատեսներու վկայութեամբ այրած դրօշը արագ փոխարինուած է նորով։

Քիչ անց Նիկոլեան ազատ արձակուած է։ Ոստիկանատան դիմաց հաւաքուած հասարակական, քաղաքական, մշակութային գործիչները զինք դիմաւորած են ծափահարութիւններով։

Նշենք, թէ հանդիսականները սուլուցներով արձագանգած են նաեւ Թուրքիոյ դրօշակին բեմ յայտնուած պահուն։

Ազերպայճանի դրօշի հրկիզման տեսանիւթը՝

https://sport.news.am/arm/news/139675/