Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայ շարժարուեստի հիմնադրութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն բացումը կատարուած է

Հայկական շարժարուեստը 2023-ին կը տօնէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը նախաձեռնած է տասնեակէ մը աւելի միջոցառումներու եւ ծրագրերու՝ մայրաքաղաք Երեւանի եւ մարզերու մէջ:

Հայ շարժարուեստի 100-ամեակին նուիրուած յոբելինական ձեռնարկներու բացումը տեղի ունեցած է Ապրիլ 16-ին, Ա. Սպենդիարեան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատերասրահին մէջ։ Ներկայ եղած են նախարար Ժաննա Անդրէասեան, փոխնախարարներ՝ Արա Խզմալեան, Արաքսիա Սվաջեան, պաշտօնատար այլ անձինք։

Երեկոյթին առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուած է Համօ Բէկնազարեանի «Երկիր Նայիրի» համր ֆիլմի վերականգնուած տարբերակէն հատուած մը: Կենդանի կատարումներով հնչած են հայ սինեմայի երաժշտական ստեղծագործութիւնները։ Անդրադարձ եղած է նաեւ հայկական բազմօրինակացման արհեստագիտութեան 85-ամեակին։