Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Թաթոյեան». «Միայն Կապան համայնքէն ազերպայճանական բռնագրաւման տակ յայտնուած է 2.700 հեկտար տարածութիւն»

Ապրիլ 17-ին, «Թաթոյեան» հիմնադրամը ամփոփած է Սիւնիքի մէջ իրենց փաստահաւաք աշխատանքներու մէկ մասին արդիւնքները.

«Միայն Կապան համայնքի տարածքէն եւ միայն 2022 Սեպտեմբեր 13-14-ի ազերպայճանական զինեալ յարձակումներու եւ ոճրային ներխուժումներու հետեւանքով ազերպայճանական բռնագրաւման տակ յայտնուած են՝

1) 2.400 հեկտար սեփական հողեր,

2) 170 հեկտար անտառային հողեր,

3) 130 հեկտար համայնքային հողեր:

Ընդհանուր՝ 2.700 հեկտար։

Նշեալ 2.700 հեկտարէն բացի, 1.000 հեկտարէ աւելի հողատարածք յայտնուած է վտանգաւոր գօտիին մէջ, ուր կա´մ կարելի չէ կատարել գիւղատնտեսական եւ այլ տեսակի որեւէ աշխատանք, կա´մ այդ աշխատանքները էականօրէն դժուարացած են` կեանքի սպառնացող իրական վտանգներու պատճառով:

Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս Ներքին Հանդ, Սրաշէն, Շիկահող, Ճակատէն եւ Գեղանոյշ գիւղերուն»։