Ապրիլ 16-ին, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հազարաւոր Հալէպահայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է զօրակցական հաւաք մը` յաջակցութիւն աւելի քան 125 օրէ ի վեր շրջափակուած Արցախին ու Արցախցիներուն։
Հաւաքը վայելած է հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Մակար եպիսկ. Աշգարեանի։ Ներկայ եղած են Արցախի Ազգային ժողովի երեսփոխան Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Հայաստանի, Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մարմիններու եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, Հայաստանի մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու, հալէպահայ բարեսիրական, մարզական եւ մշայութային միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հոծ բազմութիւն մը։
Հանդիսականները պաշտօնապէս դիմաւորուեցած են ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգերով։
Հանդիսութիւնը բացուած է Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու փառերգերով, այնուհետեւ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգած են յիշատակը բոլոր նահատներուն։
Օրուան բանախօս Դաւիթ Իշխանեան Արցախի պայքարող մեր հայրենակիցներուն ջերմ ողջոյնները հաղորդած է Սուրիահայութեան։ Անդրադառնալով իրերայաջորդ աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն եւ անոնց ազդեցութեան Հայաստանի ու Արցախի վրայ, ան խօսած է Արցախի յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի հիմնական ուղղութիւններուն եւ ոլորտներուն՝ անվտանգութեան, կարգավիճակին, տնտեսութեան, հասարակական հիմնահարցերուն, ժողովրդագրութեան եւ շրջափակման առնչուող հարցերուն մասին։
Ապա պարզաբանելով Ազերպայճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, Իշխանեան ըսած է․ “Պաքու յատուկ հաշուարկներ ունի, ան նախ շրջափակման միջոցով կ՚ուզէ Արցախին պարտադրել հրաժարիլ իր քաղաքական պահանջներէն, իսկ յետոյ աստիճանաբար հայաթափել Արցախը: Ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ մեր քայլերը յստակ են ու նպատակային: Ժողովրդավարութիւն քարոզող աշխարհը չի կրնար զայն ստորադասել հողային ամբողջականութեան սկզբունքին եւ քօղարկուած ու երկակի չափանիշերով փորձել թաղել Արցախեան հիմնահարցը”,– նշած է երեսփոխանը։
Ելոյթ ունեցած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Օրուան եզրափակիչ խօսքը հաղորդած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը։
Անդրադառնալով Արցախի շրջափակման եւ մեր ժողովուրդի դիմադրողական ոգիին, Սրբազան հայրը յայտնած է․ “Արցախի մեր ազգակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն զօրակցական այս հաւաքը կու գայ մեծագոյն եւ կենդանի վկայութիւնը հանդիսանալու մեր հայկական պինդ հոգիին, աննկուն կամքին եւ անյաղթահարելի ոգիին։ Այսօր մենք որպէս ժողովուրդ չենք կրնար անտարբեր գտնուիլ, մանաւանդ յարութեան տօնական այս ժամանակաշրջանին մէջ բոլորս զօրակոչի կը հրաւիրուինք ու մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի մեր քոյր եւ եղբայրներուն։ Մենք ձեզի հետ ենք, այնպէս ինչպէս դուք մեզի հետ եղաք: Մենք ձեզի հետ պիտի ըլլանք եւ պիտի շարունակենք ձեզի հետ տագնապիլ, պայքարիլ մինչեւ որ արդարութեան եւ յաղթանակի դրօշակը ծածանի Հայաստանի եւ Արցախի երկնակամարին վրայ”:
Հանդիսութիւնը փակուած է «Պահպանիչ» աղօթքով։
Քաղուած՝ «Գանձասար»-էն