Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Decca»-ն լոյս ընծայած է հոգեւոր արիաներու «Ave Maria» ալպոմը՝ Ժոզէֆ Կալելայի եւ Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարած նուագախումբին կատարողութեամբ

Մեր օրերու ամէնէն ծանօթ ձայներէն մէկը հանդիսացող աշխարհահռչակ թենոր Ժոզէֆ Կալեյա՝ խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի ճպոտին տակ՝ Մալթայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ ձայնագրած է հոգեւոր արիաներու իր առաջին «Աւէ Մարիա» ալպոմը, «Decca» հեղինակաւոր ձայնագրային ընկերութեան պիտակին ներքոյ։

 

Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հաղորդած է, թէ ալպոմին մէջ ներառուած են Վերտիի, Սթրատելլայի, Կրուպերի, Ատամի, Շուպերթի, Ռոսսինիի, Լիկորիի, Վակների, Մասքանեիի, Պիզէի եւ այլ երգահաններու հեղինակած տասնհինգ երգերը։

«Աւէ Մարիա» հոգեւոր երաժշտութեան ալպոմը լոյս տեսած է Ապրիլ 7-ին՝ Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով։