Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի վարչապետը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մեծ կարելիութիւն կը տեսնէ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 18-ին կառավարութեան 2021-2026 թթ. ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին յայտարարած է, թէ  Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու մեծ կարելիութիւն կը տեսնէ:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն անդրադառնալով՝ ան յայտարարած է. “Մեր երկրների միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու մեծ հնարաւորութիւն կայ: Եւ այդ հնարաւորութիւնը մեծացել է, երբ մենք որոշեցինք մարդկային, հարեւանային արժէքների վրայ հիմնուած տրամաբանութեամբ արձագանգել Թուրքիայում այս տարուայ սկզբին տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին: Եւ Թուրքիայի կառավարութիւնն ու հանրութիւնը մեր գործողութիւնները հէնց ճիշդ այդպէս էլ ընկալեցին ու ընդունեցին”:

Վարչապետը ըսած է, որ Թուրքիա փրկարարական ջոկատ եւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու որոշում չէին կայացներ, եթէ չփոխէին պատմութիւնն ու անկէ բխող խնդիրներն ընկալելու դիտանկիւնը՝ այս ժամանակաշրջանին: Թուրքիա ալ Մարգարայի կամուրջը բեռներու եւ փրկարարական ջոկատի համար պիտի չբանար, եթէ չհաւատար Հայաստանի անկեղծութեան:

“Արտաքին գործերի նախարար Միրզոյեանի՝ Անգարա կատարած այցի շրջանակներում Թուրքիայի Արտաքին գործերի նախարարութեան դիմաց ծածանուող Հայաստանի տասնեակ դրօշները միայն արարողակարգային երեւոյթ չէին, այլ մի զարմանալի արձանագրում, որ յոյսը կարող է ծագել այնտեղ, որտեղ տիրում է յուսահատութիւնը: Հայաստանի եւ Թուրքիայի դրօշները վեր խոյացան մեր յարաբերութիւնների ու աղէտալի երկրաշարժի բերած աւերակների վրայ: Եւ ես յոյս ունեմ, որ առաջիկայում Հայաստան-Թուրքիա սահմանն իրօք կը բացուի եւ հիմք կը ստեղծի հարեւանային բնականոն յարաբերութիւնների զարգացման համար”,– նշած է վարչապետը, աւելցնելով, թէ շատ կարեւոր է որ յառաջիկայ ամիսներուն երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներուն համար սահմանը բանալու համաձայնութիւնը կեանքի կոչուի։ “Դա կարող է նաեւ տեղի չունենալ, եթէ մարդասիրական եւ հարեւանային արժէքների բերած նոր ընկալումները, տպաւորութիւնները ժամանակի ընթացքում սառեն, խամրեն եւ քաղաքական, դիւանագիտական որոշումների վրայ դրանց ազդեցութիւնը ի չիք դառնայ”,– ըսած է Փաշինեան:

«Խաղաղութիւնը կարելի է, եթէ ամէնուր յաջողինք արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29 հազար 800 քմ. քառ. տարածքն է» 

Վարչապետ Փաշինեան կառավարութեան 2021-2026 թթ. ծրագրի ներկայացման ընթացքին նաեւ յայտարարած է, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եթէ Հայաստան իր բոլոր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ յաջողի յստակ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29 հազար 800 քմ. քառ. տարածքն է։

“Խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եթէ մենք մեր բոլոր միջազգային յարաբերութիւններում ոչ միայն այսօրուայ, այլ նաեւ ապագայի համար յստակ արձանագրենք, որ Հայաստան ենք ճանաչում 29 հազար 800 քմ. քառ. տարածք, աւելի յստակ ասած՝ հայկական ԽՍՀ տարածքը, որում մենք 1991-ին անկախութիւն ենք ստացել: Եւ մենք որեւէ այլ երկրից որեւէ տարածքային պահանջ ոչ միայն չունենք, այլ նաեւ չենք ունենալու երբեւէ։ Եթէ այդ միտքը չարձանագրենք, չդարձնենք հանրութեան ընկերային-հոգեբանութիւն, ո՛չ ոք թոյլ չի տալու Հայաստանին զարգանալ, քանի որ ո՛չ ոք չի համակերպուի այն մտքի հետ, որ Հայաստանը զարգանում, ուժեղանում է: Աւելին՝ տուեալ պարագայում ոչ միայն մեր զարգացումը թոյլ չտալն է լինելու ուրիշների օրակարգի խնդիր, այլ մեր առնուազն պետութեան գոյութիւնը թոյլ չտալն է դառնալու ուրիշների օրակարգի խնդիր: Եւ այս իրավիճակում մեզ ո՛չ ոք չի օգնելու”,– ըսած է վարչապետը:

Ըստ Փաշինեանի՝ նպատակը պէտք է ըլլայ տարածաշրջանային միջավայրի հետ ներդաշնակ ու խաղաղ ապրիլը։ Ան ընդգծած է, որ այդ որեւէ կերպ չի նշանակեր մոռնալ Հայաստանի պատմութիւնը, այլ կը նշանակէ փոխել պատմութեան ընկալման դիտանկիւնը, ընկերային-հոգեբանական ընկալումը:

Վարչապետի կարծիքով՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը կրնայ դառնալ համաձայնութեան հարթակ մը Արեւմուտքի ու Ռուսաստանի միջեւ:

“44-օրեայ պատերազմից յետոյ Ադրբեջանն յաղթանակի գերզգացման մէջ է եւ մտածում է վերցնել հնարաւորինս շատ բան, իսկ, եթէ հնարաւոր է, ապա վերցնել ամէն ինչ: Եւ նրա այս ընկալումն աւելի է բորբոքւում միջազգային իրադրութեամբ: Ըստ էութեան, Ադրբեջանն ուղղակի կամ անուղղակի դարձել է ուժանիւթային ու մատակարարումների խաչմերուկ ու նրա կարեւորութիւնը թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ որոշ արեւմտեան երկրների համար մեծացել է: Բայց այս իրավիճակը ե՛ւ վտանգներ, ե՛ւ հնարաւորութիւններ ունի։ Տարածաշրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը կարող է դառնալ համաձայնութեան հարթակ Արևմուտքի ու Ռուսաստանի միջեւ: Որովհետեւ, եթէ մեր տարածաշրջանը նորից պայթի, առնուազն ուժանիւթային առումով դա կարող է խնդիր դառնալ թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ Արեւմուտքի համար՝ ուժանիւթից բխող այլ հետեւանքներով”,– ըսած է ան: