Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիա եւ Ազերպայճան Կարսի մէջ  ռազմափորձերու կը մասնակցին

Ազերպայճանի զինեալ ուժերու միացեալ զօրախումբի խումբ մը զինուորականներ կը մասնակցին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք ռազմափորձերուն։

Ազերպայճանական լրասփիւռներու հաղորդած տեղեկութիւններու համաձայն՝  զինուորականները մեկնած են Թուրքիա՝ մասնակցելու «Հեյտար Ալիեւ-2023» միատեղ մարտավարական ռազմափորձերուն՝ նուիրուած Հեյտար Ալիեւի 100-ամեակին։ 

Կարսի մէջ տեղի ունենալիք ռազմափորձերուն հիմնական նպատակն է ապահովել մարտական գործողութիւններու ընթացքին զօրքերու համակարգումը, փորձառութեան փոխանակումը եւ բարձրացնել անձնակազմի արհեստավարժութեան մակարդակը։