Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ԳՈՒՐՊԸՎՈՒԱ – Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն

Ապրիլ 15-ին, Փարիզեան շրջան Գուրպըվուայի քաղաքային խորհուրդին կողմէ կամակերպուած է Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն մը, մասնակցութեամբ՝  Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժան-Ժագ Սարաճեանի, Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան անդամներուն եւ տեղւոյն հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն։

Քաղաքին գերեզմանատունը գտնուող յիշատակի կոթողին առջեւ հայ նահատակներուն յիշատակը յարգած եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են քաղաքապետ Ժագ Քոսովսքի, Ծերակոյտի փոխնախագահ Ռոժէ Քարուչի, Հօ-տը-Սէնի ծերակուտական Հերվէ Մարսէյ, երեսփոխան Ֆիլիփ Ժիւվէ, Պուա-Գոլոմպի քաղաքապետ Իվ Ռեվիյոն, Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Սուսաննա Ադամեան, քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ:

Քաղաքապետը իր ելոյթին յայտարարած է՝ գալ տարի քաղաքին մէջ Հայոց  ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան զետեղելու իր եւ քաղաքային խորհուրդի նախաձեռնութեան մասին։ 

Ոգեկոչման ելոյթներու ընթացքին Ֆրանսայի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները եւ տեղական իշխանութիւններու ղեկավարները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն յայտնած են աշխարհաքաղաքական դժուար մարտահրաւէրներ դիմագրաւող Հայաստանին, Արցախին եւ յատկապէս, աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումին դիմադրող Արցախահայութեան։