Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ. «Հայաստան պէտք է պաշտօնապէս յայտարարէ, որ Ղարաբաղը Ազերպայճան է»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ զէնք ճօճել։

Ազերպայճանական հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «պատերազմէն յետոյ անցեալ երկուքուկէս տարիներուն Պաքու շատ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է բանակաշինութեան հարցերուն։

Ան բացարձակ վստահութիւն յայտնած է, որ այսօրուան ազերպայճանական բանակը շատ աւելի զօրաւոր է, քան 2020-ին յաղթանակ արձանագրածը։ «Բայց, միաժամանակ, անգամ մը եւս կ՚ուզեմ ըսել, որ մենք որեւէ պահու պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ իրավիճակի»,– Ալիեւի խօսքերէն մէջբերած են ազերպայճանական լրասփիւռները։

Նոյն հարցազրոյցին ան յայտարարած է նաեւ, որ «Հայաստան պէտք է պաշտօնապէս յայտարարէ, թէ Ղարաբաղը Ազերպայճան է»։