Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էդմոն Մարուքեան. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Ազերպայճանի ներքին գործը չէ» 

Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան դիմած է միջազգային հանրութեան՝ կոչ ընելով ջանքեր գործադրելու Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման միջազգային գործիքակազմի ստեղծման ուղղութեամբ:

Ան Թուիթըրի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ պնդել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը իր ներքին խնդիրն է, եւ իրենք չեն պատրաստուիր զայն քննարկել ոեւէ մէկու հետ։ Ես կրկին կը յիշեցնեմ, որ ո՛չ մէկ ներքին հարցով զբաղած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի երեք մնայուն անդամ պետութիւնները։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան տասնամեակներ շարունակ բանակցած են այդ հարցին շուրջ: Այժմ Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս կը զբաղի այդ գործով։ Հետեւաբար Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Ազերպայճանի ներքին գործը չէ»:

Մարուքեան յիշեցուցած է, որ մարդկային հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները աւելի քան 70 տարի է, որ ներքին խնդիր չէին համարուեր՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր, քանի որ միջազգային հանրութիւնը դասեր քաղած է աւերիչ համաշխարհային պատերազմէն, եւ թէ ոեւէ բռնապետի կամ ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած առաջնորդի կարելի չէ թոյլ տալ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ կատարել:

«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կանգնած է ցեղային զտման վտանգի առջեւ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է շարունակէ ջանքեր գործադրել հարցի խաղաղ կարգաւորման համար, ինչպէս նաև Ազերպայճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական ներկայացուցիչներու միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման միջազգային գործիքակազմի ստեղծման ուղղութեամբ»,– եզրակացուցած է Մարուքեան։