«Արցախփրէս»՝ յղում ընելով Readovka թելեկրամեան ալիքին, կը հաղորդէ, թէ Պաքուի մէջ վանդալները պղծած են ռուսական գերեզմանատունը:
Անծանօթներ ներխուժած են գերեզմանատուն եւ պղծած գերեզմաններու հսկայական մասը։ Հրապարակման մէջ նշուած է, որ պատճառը ազգային եւ կրօնական անհանդուրժողութիւնն է: Այժմ հոն վերականգնողական աշխատանքներ կ՚ընթանան։
Հարկ է նշել, թէ սա ռուսական կամ հայկական մականուններով տապանաքարերու պղծման առաջին դէպքը չէ։