Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետը ընդունած է Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն

Ապրիլ 20-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կովկասեան բանակցութնւններու հարցերոու աւագ խորհրդական, Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն:

Վարչապետը ընդգծած է ԱՄՆ-ու վարչակազմի՝ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ներդրած ջանքերը եւ ներկայացուցած առկայ առանցքային խնդիրներու բարելաւման առումով հայկական կողմին մօտեցումները: Ան անթոյլատրելի համարած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ Ազերպայճանի յարձակողական քաղաքականութիւնն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը: 

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջազգային գործիքակազմի ձեւաւորման, Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային երթեւեկութեան միջոցներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր: