«Օրեր» ամսագրէն կը տեղեկանանք, թէ Ապրիլ 17-ին Փրակայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան յարկին տակ տեղի ունեցած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Կարպիս Փափազեան» մրցանակի յանձնումի հանդիսաւոր արարողութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի։ Վերջինս ողջունելով ներկաները նշած է, թէ չեխ երկու լրագրողներ եւ ռազմական թղթակիցներ Մարքեթա Քութիլովա եւ Լենքա Քլիցփերովա սոյն մրցանակին կ՚արժանանան 44-օրեայ պատերազմը լուսաբանելնուն, ինչպէս նաեւ «Վերջինը կը հրկիզէ գիւղը. Պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» գիրքին հրատարակութեան համար, ուր տեղ գտած են պատերազմական օրերէն բացառիկ լուսանկարներ։
Այս առիթով Վիեննայէն ժամանած, մրցանակի յանձնախումբի նախագահ Ռազմիկ Թամրազեան-Յարութիւնեան նշած է, թէ հանգուցեալ Կարպիս Փափազեան 35 տարի առաջ հիմնելով նման խրախուսական մրցանակ մը, նպատակ ունէր քաջալերելու ա՛յն օտար գործիչները՝ հայագէտներ, պատմաբաններ, մշակոյթի ու արուեստի ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց գործունէութեամբ նպաստած են Հայաստանին ու Հայութեան։
Այնուհետեւ դեսպանը եւ յանձնախումբին նախագահը մրցանակակիրներուն յանձնած են մրցանակը եւ 5.000 տոլար դրամական պարգեւը։
Նշենք, թէ ձեռնարկին ներկայ եղած են ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի ատենապետուհի Նատիա Գործունեան, չեխ եւ հայ լրագրողներ, հասարակական գործիչներ։