Փարիզեան շրջան Արնուվիլի մէջ Շաբաթ, Ապրիլ 22-ին կազմակերպուած է Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկը, քաղաքի բանուկ թաղերէն մէկուն մէջ տեղադրուած անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշարձանին, եւ Ցեղասպանութեան զոհ դարձած, վերապրած ու յիշողութիւնը սերունդներուն փոխանցած հայ կիներու յիշատակին զետեղուած յուշատախտակին առջեւ։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։
Ծաղկեպսակներ զետեղած են Վալ-տ’Ուազէն երեսփոխան Գառլոս Մարթենս Պիլոնկօ, քաղաքապետ Փասքալ Տոլ, Սարսելի փոխնահանգապետ Տոմինիք Լըփիտ, «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի դեսպանութեան եւ տեղւոյն հայ ու ասորի համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Ելոյթներով հանդէս եկած են քաղաքապետ Տոլ, երեսփոխան Լըփիտ, դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Շիրազ Յովակիմեան։
Արարողութեան մասնակցած են նաեւ Արնուվիլի հայ առաքելական և կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, Ֆրանսահայ ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան անդամները, «Հրանդ Տինք» հայկական դպրոցի, Նուռ վարժարանի եւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի «Աստղիկ» մասնաճիւղի աշակերտները։