Ապրիլ 20-ին, Սթրազպուրկի Համաժողովներու եւ երաժշտութեան պալատին մէջ, ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կատարողութեամբ տեղի ունեցած է ֆրանսացի երգահան եւ խմբավար Պրիւնօ Մանթովանիի «Memoria» ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը։
Այս բացառիկ գործը նուիրուած է 2020-ին Արցախի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմին նահատակուածներու եւ յատկապէս Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի չորս ուսանողներու յիշատակին։ Լուրը կը հաղորդեն Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակէն։
Համերգէն առաջ, Մանթովանի հանրութեան պատմած է 44-օրեայ պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն եւ իր ստեղծագործութեան ծնունդին մասին։
«Memoria»-ն ձօն է փորձութիւններ եւ ողբերգութիւններ ապրած երկրին, որու ցաւը եւ յոյզերը երաժիշտը փափաքած է հաղորդել երաժշտութեան միջոցով։
Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնած է Մանթովանիին` յօրինումին եւ զայն ներկայացնելուն համար։ Ան ընդգծած է մարդասիրական ուղերձին կարեւորութիւնը, զոր հեղինակը փորձած է փոխանցել՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի Հայութեան իրաւունքներուն։