Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը
Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգելով Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած ապատեղեկատւութեան, որ իբրեւ թէ Շուշիի շրջանին մէջ ազերպայճանական բանակի ռազմական բեռնատար մը պայթած է Հայերու կողմէ տեղադրուած ականներու վրայ, հաղորդած է, թէ նշուածը բացարձակ յերիւրանք է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան։
«Այս յայտարարութեան նախորդել էր ապատեղեկատւութիւն պարունակող մէկ այլ հաղորդագրութիւն, որտեղ մասնաւորապէս ասւում էր, որ իբր թէ ռուս խաղաղապահների ուղեկցութեամբ Հայաստանից Արցախ ռազմամթերք է տեղափոխուել:
Վերոնշեալ յայտարարութիւնների բովանդակային յաջորդականութիւնը յստակ ընդգծում է Ադրբեջանի կողմից վարուող կեղծ տեղեկատուական արշաւի նպատակը. այն է՝ հող նախապատրաստել Արցախի Հանրապետութեան դէմ հնարաւոր յարձակումների համար»,– նշուած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Հայկական կողմը բազմիցս հերքած է Արցախ զէնք եւ զինամթերք փոխադրելու, ականներ տեղադրելու վերաբերեալ ազերպայճանական լուրերն ու յայտարարութիւնները։ Բացի ատկէ, արդէն չորս ամիսէ աւելի է, որ փակ է Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Բերձորի միջանցքը, իրենք զիրենք «բնապահ» ներկայացնող Ազերպայճանցիներու կողմէ։