Ապրիլ 23-ին, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեանի, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) եւ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան (ANACRA) ներկայացուցիչներու գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանային նախագահ Զավիէ Պերթրանի, Ծերակոյտի նախագահը ներկայացնող Հերվէ Մարսէյի, խորհրդարանականներու, Փարիզեան շրջանի քաղաքապետերու եւ հարիւրաւոր Ֆրանսահայերու ու Ֆրանսացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր երթ դէպի Փարիզի Յաղթանակի կամար, որուն յաջորդած է ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը՝ պետական տասնեակ հաստատութիւններու, պաշտօնատարներու եւ հասարակական կազմակերպութիւնների անունով։
Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նուագախումբի կատարողութեամբ հնչած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը: Այնուհետեւ դեսպանուհիին ձեռամբ անծանօթ զինուորի շիրիմին առջեւ արծարծուած է յաւերժական կրակը։ Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: