Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակի օրուան ընդառաջ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է աւանդական ջահերով երթը:
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան կազմակերպած ջահերթը սկսած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն եւ ուղղուած է դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր։ Երիտասարդները պարզած են Հայոց զոյգ հանրապետութիւններու դրօշները։
Յուշահամալիրի շրջափակին մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Զանգակատուն-յուշակոթողին առջեւ, ջահերթի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցած են:
“Եթէ ազգերը չեն յիշում իրենց անցեալը, ապա դատապարտուած են այն վերապրելու վտանգին։ Այսօրուայ մեր միասնական երթը նպատակ ունի թարմացնելու այն յիշողութիւնները, թէ ինչպիսի՛ վայրագութիւնների ենթարկուեց մեր ժողովուրդը աւելի քան 100 տարի առաջ։ Չմոռանալով այն՝ կանխենք ապագայ ցեղասպանութիւնները”,– հոգեւոր արարողութեան ընթացքին յայտնած է Վաչագան քահանայ Գիւրջեան։
Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Նորայր Մկրտչեան իր ելոյթին նշած է, թէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ խոնարհող Արցախցիներու սիրտերը կը տրոփեն աշխարհի չորս ծագերուն ծուարած եղեռնապուրծ Հայութեան հետ համահունչ։
“Բոլոր ժամանակներում Հայութեան դէմ գործուած ոճիրների հետեւանքով մեր անմեղ զոհերի յիշատակի օրերը պէտք է հռչակենք որպէս ազգային վրիժառութեան եւ հատուցման օրեր։ Անմեղ զոհերի հոգիները աղաղակում են՝ վրէժ յանուն արդարութեան, յանուն ազգային արժանապատւութեան, յանուն կորուսեալ հայրենիքի, կեանքի ու գալիք սերունդների”– ընդգծած է նախարարը։