Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ – ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ-ՍԱՐՍԵԼ

Ապրիլ 23-ին, Փարիզեան արուարձան Սարսել քաղաքին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիին առջեւ տեղի ունեցած են ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւններ։ Ներկայ եղած են Վալ-տ’Ուազէն ընտրուած երեսփոխաններ, քաղաքապետ Փաթրիք Հատտատ, պետական այլ պաշտօնատարներ, Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտներ, Սարսել քաղաքի հայ Առաքելական եւ Ասորական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։