Ապրիլ 24-ին, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:
Նոյն օրը, Սթրազպուրկի՝ Եւրոպայի խորհուրդի շէնքին առջեւ տեղադրուած խաչքարին մօտ, ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը ոգեկոչած է Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը։