Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՌԵՆՍԻ – Ապրիլեան ոգեկոչում

Ապրիլ 22-ին, Փարիզեան շրջանի Ռենսի քաղաքը գտնուող «Դպրոցասէր» կրթական հաստատութեան բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին առջեւ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւնը, կազմակերպութեամբ քաղաքապետարանին եւ Դպրոցասէր Տիկնանց միութեան։

Սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը յարգած եւ խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղած են Ռենսիի եւ Լիվրի-Կարկանի քաղաքապետեր՝ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէ եւ Փիէր-Իվ Մարթէն, Ռենսիի եւ Փաւիոն-սու-Պուայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Վարդուհի Սահակեան, վարժարանի Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Աղաւնի Սարիքայա։

Պաշտօնատար անձանց ելոյթներէն ետք, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են «Դպրոցասէր»-ի աշակերտները։