Ապրիլ 24-ին, Փարիզեան շրջանի Հայութիւնը ժամադրուած էր «Հայաստանի բացատ»-ը գտնուող Կոմիտաս վարդապետի յուշակոթողին մօտ, յարգանքի տուրք մատուցելու՝ Ցեղասպանութեան զոհ դարձած մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։ Հակառակ անձրեւոտ եղանակին, բազմահազար Հայեր ընդառաջած էին Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) կոչին։
Արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի ներկայացուցիչ, Ներքին գործոց նախարար Ժերար Տարմանէն, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, Փարիզի նահանգապետը, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, քրտական, ասորա-քաղդէական համայնքներու ղեկավարներ, CCAF-ի համանախագահներ՝ Արա Թորանեան, Մուրատ Փափազեան, տեղական իշխանութիւններու եւ հայկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հայ հոգեւոր դասու անդամներ։
Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։
Այնուհետեւ նախ ելոյթ ունեցաւ Արա Թորանեան։ Ան ընդգծեց, որ 108 տարի ետք Թուրքիա ո՛չ ճանչցած ո՛չ ալ ցեղասպանութիւն որակած է 1915-ի ահաւոր ոճրագործութիւնները, ընդհակառակն, ան կը շարունակէ իր յանցագործութիւններուն հետքերը վերացնելու եւ կատարուածը ժխտելու իր քաղաքականութիւնը։
Արա Թորանեան նշելով, որ այսօր ալ թուրք-ազերպայճանական դաշինքին կողմէ կը շարունակուին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ոտնձգութիւնները, անմարդկային արարքները, ըսաւ, որ եթէ նախայարձակը չպատժուի եւ Հայերուն յստակօրէն պաշտպանուելու միջոցներ չտրամադրուին, նոր ցեղասպանութեան մը դէմ- յանդիման պիտի գտնուինք։ “Ի՞նչ կրնար ընել Ուքրաինայի ժողովուրդը, եթէ չըլլար Եւրոպայի եւ Միացեալ նահանգներու օգնութիւնը։ Արեւմուտքը 100 միլիառ տոլար յատկացուցած է Ուքրաինային, բայց ՈՉԻՆՉ Հայաստանին, բացի 50 քաղաքացիական դէտերէ…”, շեշտեց ան։
Մուրատ Փափազեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ այսօրուան Թուրքիան հայ ժողովուրդի դիակներուն վրայ հիմնուած է՝ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր ժխտողական քաղաքականութեամբ։ Աւելի՛ն, ան կը շարունակէ մեծարել ու պատուել ցեղասպանութիւնը գործադրողները։ Տակաւին, փողոցներ, դպրոցներ կը կրեն Թալաաթի՝ թուրք Հիթլերի, անունը։ “1915-ի ցեղասպանութենէն դար մը ետք, այսօր աշխարհի մեծերու ընդհանուր անտարբեր հայեացքներու ներքոյ կարելի՞ է ձգել, որ ժողովուրդ մը մորթուի, անդամահատուի, կարելի՞ է ձգել, որ ազերպայճանական ցեղապաշտութիւնը տարածուի…։ Որոշ երկիրներ խօսքով դատապարտելով Ազերպայճանի յարձակումները, միաժամանակ կը շարունակեն իրենց ռազմական համագործակցութիւնը Պաքուի հետ, պատճառ դառնալով, որ ան կառուցանէ ռազմական հզօր զինանոց մը”,– նշեց Փափազեան, աւելցնելով, թէ աշխարհը պէտք ունի պետութեան մը, ղեկավարի մը, որ ստանձնէ իր պարտաւորութիւնը՝ պաշտպանելով Արցախը, Հայաստանը եւ Հայութիւնը։ “Այդ երկիրը պէտք է ըլլայ Ֆրանսան եւ այդ ղեկավարը պէտք է ըլլայ նախագահ Մաքրոնը, նկատի ունենալով որ Ֆրանսա աշխարհի մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ։ Ֆրանսա լոյսերու երկիրն է, երկիր մը որ կը սիրենք, հետեւաբար Ֆրանսայէն կ՚ակնկալենք այդ փրկիչ ու պաշտպան սթափումը։ Կարելի բան չէ, որ 2023-ին Հայութիւնը ապրի 1915-ին «ճաշակածը»”,– եզրակացուց ան։
Անն Հիտալկօ, որ նոյն օրը կէսօրէ առաջ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ ընդունած էր հայ համայնքի շուրջ 200 անդամները, իր ելոյթին ընդգծեց, թէ հասած է պահը զօրաշարժի ենթարկելու քաղաքական աշխարհը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, լրասփիւռները եւ մարդասիրական կազմակերպութիւնները, քանի որ 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր աղէտալի վիճակի մէջ կը գտնուի շրջափակուած Արցախահայութիւնը, բայց նաեւ Հայաստանը, որոնք Թուրքիոյ եւ անոր զինակից Ազերպայճանի կողմէ գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւեն։ “Ուղղակի կապ մը կայ 1915-ի եւ ներկայի կացութեան միջեւ, եւ այդ՝ ժխտողականութիւնն է Պաքուի ու Անգարայի”,– ըսաւ քաղաքապետուհին։
Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ հայկական եկեղեցական եւ մշակութային կողոթներու՝ Ազերպայճանի կողմէ ոչնչացումին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պատանդ պահուած հայ ռազմագերիներու հարցին, շեշտելով, որ պատմութեան խեղաթիւրման դէմ պայքարը չէ աւարտած։ Հիտալկօ Հրամայական համարեց ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրէնքի մը հաստատումը։
Հուսկ ելոյթ ունեցաւ Ներքին գործոց նախարարը։ Ան յայտնեց, թէ Հանրապետութեան նախագահին անունով այսօր կ՚ոգեկոչենք 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը։ Նշելով, թէ Ֆրանսա ապաստան տուած է ցեղասպանութենէն վերապրողներուն, Տարմանէն ընդգծեց, որ պէտք չէ մոռնալ սարսափելին, պէտք է յիշել այսօր, նա՛եւ վաղը, մինչ հայ ժողովուրդը դարձեալ կը տառապի իր հայրենիքին մէջ իսկ։
Տարմանէն խոստացաւ պաշտպանել Ֆրանսայի բոլոր Հայերը եւ հայկական խորհրդանիշերը։
Այնուհետեւ ծայր առաւ բողոքի քայլերթը՝ մինչեւ Թրոքատէրոյի պարտէզը։ Այս ուղղութիւնը պարտադրուած էր նահանգապետարանին կողմէ։ ■