Միայն խօսքով ու խոստումով չկայ փրկութիւն։ Ապրիլ 24-ը՝ յիշողութեան օր, ոգեկոչումի օր, զոհուածներու հոգիներուն խաղաղութեան օր։ Աղէտը մեծ էր եւ տակաւին չէ աւարտած։ Օր ըստ օրէ մեծնալու վրայ է։ Խոնարհումը զոհուածներու յիշատակին՝ անհը-րաժեշտութիւն է։ Քաղաքականը, հանրայինը, հաղորդակցութեան արհեստագիտական միջոցներով փոխանակումները գրաւած են միտքերը, հոգիները։ Պահ մը անջատուելու, զոհերուն ներկայութիւնը զգալու անհրաժեշտութիւն կը ծնի. անսահման ուժ կայ այդ հաղորդութեան մէջ, լռութիւն։ Անոնց տառապանքները մե՛րն են։ Կը տառապինք իրենց տառապանքով։ Անոնց տառապանքները նոր ըմբռնումի ճամբան կը բանան։ Կը փնտռենք փրկութեան ելքեր, օգնութիւն՝ արտաքին աշխարհէն։ Արտաքին աշխարհը մնացած է նոյնը։ 1915-ին չկար այդ օգնութիւնը, այսօր ալ չկայ։ Աշխարհը չէ փոխուած։ Ըստ երեւոյթին մենք ալ՝ նոյնպէս, այնքան ատեն որ կ՚ապրինք արտաքին սպասումներով։
Հայութիւնը պատմական մեծ հարցադրումի առջեւ կը գտնուի, որ կը խռովէ անոր միտքը։ Երրորդ հանրապետութեան առաջին երեսուն տարիներու ընթացքին արդեօ՞ք ոսկի առիթը փախցուցինք քաղաքական լուծում մը գտնելու Արցախի հարցին եւ Հայաստանի անվտանգութեան։ Այս հարցը 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր ամէնօրեայ բախումի եւ լարումի պատճառ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական տարբեր հոսանքներու միջեւ։
Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի միջազգային յարաբերութիւնները եւ ներկայինը, թշնամութիւնները, պատերազմական վտանգները պատմական նմանութիւններ ունին, որոնք այսօր ալ մեծ սպառնալիքներ կը ներկայացնեն Հայութեան։ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը պէտք էր առիթ ծառայէր գոնէ ներքին ճակատի վրայ իրարու հետ հաշտութեան եզր գտնելու։ Գոնէ իրարու հանդուրժելու եզր գտնուէր, եթէ հաշտութիւնը դժուար հասանելի պտուղ է։ Բայց ո՛չ. օտար պետութիւններէն նո՛յն սպասումները, փրկութեան միջոցները եւ նո՛յն ներքին քաղաքական պառակտումները, ժամանակի ու միջոցներու մսխումը, անարդարութիւններու կուտակումները։
Այսօր, Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին, Ազերպայճանի՝ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ բնաջնջման սպառնալիքները աւելի՛ շեշտուած են, իսկ միջազգային հասարակութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով Ազերպայճանը պատժելու կամ անոր սպառնալու մտադրութիւն չունի։ Ի՞նչ մնաց Ապրիլ 24-ի, անցեալի ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն։ Մինչեւ 2020-ի պատերազմը, յանուն Հայ դատի պայքարը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար պայքարին մէջ կը գտնէր իր արտայայտութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք նոր էջ մը բացուեցաւ։ Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչինչ փոխեց Թուրքիոյ դիրքորոշման մէջ, ոչինչ փոխեց կանխելու համար նոր բնաջնջում մը, եւ ընդհակառակն ի յայտ բերաւ նոր ցեղասպանութեան վտանգ մը, Ալիեւի հայատեաց քաղաքականութեան ճպոտին տակ։ Եւրոպացի դէտերու ներկայութիւնը մեծագոյն յուսախաբութիւնն է։ Ոչի՛նչ կանխեցին, եւ ոչինչ պիտի կանխեն։ Իրենց իսկ ներկայութեան՝ Հայաստանի սահմանին զինուորներ զոհ կ՚երթան։ Վերջինը՝ Սոթքի սահմանին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ։ Իսկ Արցախի պարագան, միջազգային մարդասիրական օրէնքներու բացարձակ խախտումի պայմաններու տակ, աներեւակայելի երեւոյթ է։ Նոյնիսկ Արդարութեան միջազգային ատեանի վճիռը անարժէք դարձած է։ Եւ յոյս կապել միջազգային հանրութեան, կամ Ռուսաստանի, կամ Իրանի՝ նման պայմաններու մէջ, վտանգաւոր է։ Ներկայ իրավիճակին՝ միակ լուծումը ժողովրդական ասացուածքն է. «Դուն քեզի օգնէ, Աստուած ալ քեզի կ՚օգնէ»։
Ժ.Չ. ■