Ապրիլ 26-ին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր համաժողովին 122 թեր ձայնով ընդունուած է բանաձեւ մը՝ Եւրոպայի խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի համագործակցութեան վերաբերեալ, որու նախաբանին մէջ յիշատակուած է «Ռուսաստանի կողմէ Ուքրաինայի եւ մինչ այդ Վրաստանի դէմ յարձակումը»։
Ի շարս այլ երկիրներու, բանաձեւին թեր քուէարկած են նաեւ Հայաստան, Չինաստան, Թուրքիա, Ղազախստան։
Բանաձեւին դէմ քուէարկած են Ռուսաստան, Պելառուս, Հիւսիսային Գորէա, Նիքարակուա, Սուրիա։ Ձեռնպահ մնացած են՝ Ազերպայճան, Ուզպէքստան, Քիրկիզստան, Տաճիկիստան, Վենեզուելա, Սերպիա եւ 13 այլ երկիրներ։