Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուսաստանի հեղինակութեան անկումը հարաւային Կովկասի մէջ

Ուշագրաւ դէպքեր իրարու յաջորդեցին Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումներուն. Ազերպայճանի սահմանազօրքը Լաչինի միջանցքի Հակարի կամուրջին վրայ սահմանակէտ տեղադրելէ ետք, յատուկ արարողութեամբ, Շուշիի մօտ, միջանցքը խափանող «բնապահ»-ներուն հետ հանդիպումի լուրը տարածեց, ուր կը յայտարարուէր, որ անոնք առժամաբար կը դադրեցնեն իրենց ցուցարարական արարքները։ 

Նոյն միջոցին ազերպայճանական բանակը ինք գրաւեց «բնապահ»-ներուն դիրքերը։ Այսպէսով, Լաչինի միջանցքի երկու ծայրերը ազերական յատուկ սահմանապահ զօրքերու հսկողութեան տակ անցան։ Ազերպայճանի այս քայլը մեղմօրէն դատապարտուեցաւ Արեւմուտքի կողմէ։ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն գրեց հետեւեալը՝ «Լաչինի միջանցքին վրայ ազերպայճանական անցակէտի տեղադրումը կը վնասէ խաղաղութեան գործընթացին մէջ վստահութիւն հաստատելու ջանքերուն»։ Իսկ Ռուսաստան կրկնեց նոյն՝ «կնճիռին լուծում փնտռելու» յանկերգը։

Ասոր զուգահեռ ռուս խաղաղապահներուն հրամանատարի փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ, պաշտօնի կոչուեցաւ դիրքով աւելի բարձր զինուորական մը՝ գնդապետ զօր. Ալեքսանտր Լենցով, որ եղած է ցամաքային զօրքերու հրամանատարի տեղակալ, օդային յատուկ գործողութիւններու զօրքերու հրամանատարի տեղակալ։ 2020 Յուլիսէն եղած է Պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական։ Այս փոփոխութիւնը, ցարդ, տեղւոյն վրայ, ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք տուած է։ 

Հայաստանի վարչապետին հակազդեցութիւնը աւելի խիստ էր. «Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը պէտք է վերահսկողութեան տակ պահի Լաչինի միջանցքը եւ այսպիսով ապահովի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը։ Այսինքն, բացի ՌԴ-ից ոեւէ մէկը Լաչինի միջանցքում վերահսկողութիւն չպէտք է իրականացնի։ Ադրբեջանն էլ չպէտք է խոչընդոտի միջանցքով ազատ երթեւեկութիւնը։ Սա ճշգրիտ այն է, ինչ նախատեսուած է 2020 թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ»։

Մինչ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կը յայտարարէր Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպումի շուրջ կողմերու միջեւ համաձայնութեան լուրը, անդին, շրջանցելով մոսկովեան հանդիպումը, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջինը եղաւ յայտնելու ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթընի մէջ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումին մասին, որ սկսաւ Մայիս 1-ին եւ որ ըստ երեւոյթին կրնայ տեւել մի քանի օր, որու ընթացքին պիտի ճշդուի խաղաղութեան պայմանագրի ճանապարհային քարտէսը։ Այս փոփոխութիւնը շատ մեծ հարուած մըն է Ռուսաստանի դիւանագիտութեան եւ փաստը՝ անոր հեղինակութեան անկումին Կովկասի մէջ։ 

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհի տիկին Քաթրին Գոլոնա ալ տարածաշրջան այցելեց։ Ինչպէս արեւմըտեան երկիրներու բարձրաստիճան բոլոր ներկայացուցիչներունը, անոր հակազդեցութիւնն ալ Լաչինի միջանցքի փակումին առնչութեամբ որեւէ գործնական արդիւնք չտուաւ։ Տիկին Գոլոնա նշեց, որ Եւրոպայի Քաղաքական համայնքի յաջորդ՝ Բ. վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 1-ին Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ, կը սպասուի Հայաստանի ու Ազերպայճանի ղեկավարներու հանդիպումը, որուն ձեւաչափը յստակացման ընթացքի մէջ է՝ Շառլ Միշէլի եւ Էմանիւէլ Մաքրոնի՞ մասնակցութեամբ, թէ՞ միայն Շառլ Միշէլի։ 

Բանակցութիւններուն՝ արեւմտեան տարբերակի գերակայութեան պայմաններուն մէջ, Երեւանի կեդրոնը Նեմեսիս յուշակոթողի բացման առթիւ, Թուրքիա անակնկալ կերպով փակեց իր օդային տարածքը հայկական Flyone Armenia ընկերութեան դէպի Եւրոպա թռիչքներուն համար։ Թուրքիա, իր անսակարկ աջակցութիւնը արտայայտեց Ազերպայճանին, ապա երկու պետութիւններու նախագահներուն՝ Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէ բացումը կատարուեցաւ Պոլսոյ մէջ կայացած TEKNOFEST-ին, որ Թուրքիոյ՝ Անջրպետային եւ արհեստագիտութեան գլխաւոր փառատօնն է։ Այդ առթիւ Ալիեւ յայտարարեց Ազերպաճանի մէջ «Պայրաքթար» անօդաչու սարքերու գործատունի մը հիմնադրութեան լուրը։

Հայաստանի իշխանութիւնները միջազգային ատեաններու մէջ հայ բռնագաղթածներու իրաւունքներու հետապնդման աշխատանք կը տանին։ Նախապատրաստական փուլին, Ապրիլ 29-ին, «Կ. Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուեցաւ «Ադրբեջանական յարձակման հին եւ նոր փախստականները. անցեալը, ներկան, ապագան» համաժողովը, որուն մասնակիցները հռչակագիր մը որդեգրեցին, որ կ՚ամփոփէ Ազերպայճանի քաղաքական հալածանքին ենթակայ հայ գաղթականութեան պատմութիւնը, իրաւունքներն ու պահանջները։

Ժ.Չ. ■