Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ստեփանակերտ–Շուշի ճամբուն վրայ՝ «Չե՛նք ընդունելու, չե՛նք յարմարուելու» կարգախօսով ցոյցը կը շարունակուի

Մայիս 2-ին Ստեփանակերտ-Շուշի ճամբուն վրայ ծայր առած «Չե՛նք ընդունելու, չե՛նք յարմարուելու» կարգախօսով ցոյցը կը շարունակուի: Մասնակիցները մտադիր չեն զայն դադրեցնել՝ մինչեւ իրենց նպատակին չհասնին: Անոնք կը պահանջեն վերցնել Ազերպայճանի կողմէ տեղադրուած ապօրինի անցակէտը: 

Խաղաղ ցոյցի շրջանակին մէջ, Մայիս 5-ին տեղի ունեցած է նաեւ քննարկում, որուն մասնակցած է Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան։

Արցախցի երիտասարդները վճռակամ են եւ կոչ կ՚ընեն Ազերպայճանին դադրեցնելու ցեղային զտման իրենց հայատեաց քաղաքականութիւնը։

Բոլորին կոչ կ՚ընենք միանալու պահանջագրին։

Ստորագրեցէ՛ք https://chng.it/pLVN2GyjNB