Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ «Կովերու պարտէզ»-ի «վարձակալման» վերաբերող ապօրինութիւններու հարցով կարգալուծութիւն եւ պատասխան բաց-նամակ

Պատրիարքին կողմէ կարգալուծուած Պարետ վրդ. Երէցեան կը պատասխանէ անոր

Ատենին դժբախտաբար առիթը ունեցած էինք անդրադառնալու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին պատկանող «Կովերու պարտէզ» կոչուող տարածքին վերաբերող տխուր զարգացումներուն, այդ տարածքը իսրայէլացի գործատիրոջ մը երկար ժամանակով վարձելու (գրեթէ համազօր՝ վաճառելու) տրամադրութեան, վարձակալին՝ հոն պանդոկ կառուցելու ծրագրին, այդ ծրագրին շատ մը միաբաններու պատճառած խոր դժգոհութեան, հակադրութեան եւ այլ անցքերուն։ Արծարծած էինք նաեւ գործարքին մէջ կատարուած շարք մը խախտումները, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն ներս հարցին շուրջ ծագած լուրջ տարակարծութիւնները, բախումները (տես. «Նոր Յառաջ», թիւ 1666 – 2021 Նոյեմբեր 18, էջ 3)։ 

Ներկայիս, նո՛յն հարցի շրջանակին մէջ, Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան կարգալոյծ հռչակած է Պարետ (ենթական այսպէս կը գրէ իր անունը, եւ ոչ թէ՝ Պարէտ – «ՆՅ») ծ. վրդ. Երէցեանը, որ Միաբանութեան կալուածներու տեսուչն է(ր)։ 

Այս մասին, Պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կ՚ըսէ.

 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻԻՒՆ

6 Մայիս 2023

Կարգալոյծ հոչակուած է Տ. Պարետ ծ. վրդ. Երէցեան:

Տնօրէն Ժողովի միաձայն որոշմամբ եւ Նորին Ամենապատւութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Տ. Պարետ ծ. վրդ. Երէցեան:

Տնօրինութեան համար որպէս հիմք ընդունուած է Պարետ ծ. վարդապետի՝ Ս. Աթոռոյս կարգաց եւ կանոնաց հանդէպ դրսեւորած անհաւատարիմ ընթացքը եւ յատկապէս «Կովերու պարտէզ» կալուածի համաձայնագրի վերաբերեալ անոր կատարած շարք մը խարդախութիւնները եւ խաբեբայութիւնները:

Կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետեւ կը դասուի աշխարհականներու կարգին՝ իր Խաչիկ Երէցեան աւազանի անունով:

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅՍ

(Կնիք)

Նոյն օրն իսկ կարգալոյծ վարդապետը նոյնքան եւ աւելի ծանրակշիռ մեղադրանքներով պատասխան բաց-նամակ մը ղրկած է Նուրհան պատրիարքին, որու բովանդակութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.

 

6 Մայիս 2023

Ամենապատիւ

Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան

Բարեխնամ Պատրիարք

Հայ Երուսաղէմի եւ

Նախագահ՝  Տնօրէն ժողովի

Երուսաղէմ

Պատրիարք Սրբազան Հայր,

 

Զարմանքով ստացայ եւ կարդացի ձեր 6 Մայիս 2023 թուակիր նամակը, որ կը գուժէր Տնօրէն ժողովի խայտառակ որոշումը, որով զիս կարգազուրկ կը Հռչակէք, ամբաստանելով զիս, իմ «Ս. Աթոռոյս կարգաց եւ կանոնաց հանդէպ դրսեւորած անհաւատարիմ ընթացքի եւ յատկապէս “Կովերու պարտէզ” կալուածի Համաձայնագրի վերաբերեալ կատարած շարք մը խարդախութիւններու եւ խաբեբայութիւններու Համար»:

Մեզի համար յստակ է այ՛ն, որ “Կովերու պարտէզ”-ի խնդիրը շուրջ երկու տարի խօսուած է, եւ որուն սեւագիր եւ վերջնական Համաձայնագրի անգլերէն (որ դուք Հասկնաք յստակօրէն) օրինակները քննուած եւ խօսուած են, մանաւանդ փաստաբան Ավների կողմէ քանիցս եւ յստակօրէն բացատրուած՝ անձամբ ձեզի: Համաձայնագիրը ձեր կամովին ստորագրելէն ետք յատուկ Տնօրէն ժողով մը գումարուեցաւ եւ վաւերացուց ստորագրուած փաստաթուղթը: Առաւել, նախքան ձեր ստորագրելը, ձեզի յստակօրէն ըսուեցաւ մեր կողմէ, որ համաձայնագիրը քննութեան Համար ներկայացնէք Տնօրէն ժողովին: Ի պատասխան այդ եղած առաջարկին դուք յստակօրէն ըսիք՝ «Տնօրէն ժողովին բերելու պէտքը չկայ, շատ երկարեցաւ այս հարցը, ես պիտի ստորագրեմ Համաձայնագիրը»: Ձեր այս մերժումը եւ աճապարելը գլխաւոր պատճառները պէտք է նկատել ձեր այս «խայտառակութեան»:

Այս ընդհանաւր կատարուած գործողութեանց ընթացքին միթէ չյայտարարուեցա՞ն ձեզի եւ կամ ոեւէ մէկուն իմ կատարած կարգ մը կարկառուն  «խաբեբայութիւնները» եւ կամ «խարդախութիւնները» եւ լռեցիք, ու հիմա՞ զիս կ՚ամբաստանէք այսպէս։

Տակաւին այս առաւօտ երբ ձեր քով էի, արտայայտուեցաք ըսելով՝ թէ մենք եղբայրներ ենք եւ, զարմանալիօրէն (թէեւ առաջին անգամը չէր այսպիսի երեւոյթ) դուրս հանելով ադամանդակուռ գոհարեղէններ՝ ուզեցիք որ գնող մը գտնեմ եւ ծախեմ զանոնք $35.000-ի խոստանալով որ ինծի պիտի տաք $5.000: Ես մերժեցի ձեր այդ առաջարկը: Այդ բոլորով Հանդերձ, սակայն, այս երեկոյ ձեզմէ ստացայ ամբաստանագիր նամակը:

Իմացէ՛ք որ ես այսքան տարի ծառայած եմ Եկեղեցիիս եւ մեր Ս. Աթոռին Հաւատարմօրէն եւ խղճմտօրէն, առանց դոյզն վնաս մը պատճառելու: Եւ այսօր անարդարօրէն, առանց քննութեան, մէկ խօսքով կարգալոյծ կը հռչակէք զիս, ձեր տկարութիւնը ծածկելով եւ ձեր կողմէ կատարուած սխալները բեռցնելով իմ վրաս: Զոհը (եթէ անհրաժեշտութիւն կայ ատոր) փոխանակ դուք ըլլալու, զիս կը զոհէք:

Այսու կը մերժեմ եւ չեմ ընդունիր ձեր կողմէ իմ նկատմամբ կատարուած վերեւ նշուած ամբաստանութիւնները։ Ուստի, Տնօրէն ժողովէն եւ ձեզմէ կը պահանջեմ յստակացում եւ մանրամասն նկարագրում ձեր կողմէ իմ անձիս կատարուած ամբաստանութիւններուն եւ խաբեբայութիւններուն համար: 

Այսքանով կը վերջացնեմ նամակս, սպասելով ձեր պատասխանին:

Պարետ ծ. վրդ. Երէցեան

Միաբան Ս. Աթոռոյ  

(Ստորագրութիւն)