Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Ստեփանակերտի մէջ  ազգային պարերու բացօթեայ դասարան կազմակերպուած է

«Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանի շրջափակին մէջ Մայիս 7-ին կազմակերպուած է ազգային պարերու բացօթեայ դասարան, Հադրութի արուեստի դպրոցին կողմէ, մասնակցութեամբ 124 աշակերտի։

“Միջոցառման վայրը պատահական չէինք ընտրել: «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը մեր ժողովրդի կարեւոր խորհրդանիշերից է, ուստի ձեռնարկը այստեղ կեանքի կոչելը աւելի պարտաւորեցնող էր։ Դպրոցի աշակերտները մեծ հաճոյքով մասնակցեցին եւ, ի հարկէ, աւելի հմտացան ու մի նոր բան սովորեցին։ Տարածքում գտնուող մեր հայրենակիցները եւս միացան մեզ”,– յայտնած է դպրոցի տնօրէն Տաթեւ Միրզոյեան՝ ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք  անգամ մը եւս կ՚ապացուցեն, թէ Արցախի մէջ կը շարունակեն արարել ու ստեղծագործել։