Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ – Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը մասնակցի «DEFEA 2023» միջազգային ցուցահանդէսին

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարության եւ ռազմաարդիւնաբերական կոմիտէի պատուիրակութիւնները կը մասնակցին Յունաստանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան «DEFEA 2023» միջազգային ցուցահանդէսին, «Metropolitan Expo» կեդրոնին մէջ, Մայիս 9-11-ին։

«DEFEA»-ն կարեւոր հարթակ մըն է միջազգային շփումներու, արդիւնաբերական համագործակցութիան եւ պաշտպանութիան ու անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ ժամանակակից ճարտարարուեստի զարգացումներու վերաբերեալ տեղեկութիւններու փոխանակման համար։ Ցուցահանդէսին կը մասնակցին համաշխարհային մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ գիտահետազօտական կեդրոններ ու հաստատութիւններ։