Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանէն ներս արձանագրուած վերջին զարգացումները յորդեցուցած են Սաղիմահայութեան համբերութեան բաժակը։ Մինչ մէկ կողմէ ցոյցեր տեղի կ՚ունենան պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի դէմ, պահանջելով անոր հրաժարականը, միւս կողմէ ալ երիտասարդներ անոր կարգալոյծ հռչակած Պարետ վրդ. Երէցեանի՝ վանքէն անձայն-անշշուկ մեկնելու փորձին արգելք հանդիսացած են։ Անոնք փոխադրութեան նպատակով արդէն բեռնակառք բեռցուած ծրարները մէկ առ մէկ վերստին վար իջեցուցած են ու պահանջած, որ կարգալոյծ կրօնականը նախքան իր մեկնումը, ինչպէս նաեւ իր մեղսակիցները (յիշելով նաեւ Պատրիարքին անունը) հաշիւ տան իրենց արարքներուն համար։