Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Նախագահական ընտրութեան Ա. շրջանին ո՛չ ոք յաջողած է անցնիլ 50%-ի շեմը

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն՝ Էրտողանի կուսակցութենէն ներկայացող հայ մը ընտրուած է

Թուրքիոյ մէջ Մայիս 14-ին տեղի կ՚ունենային միաժամանակ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

Շատ լարուած մթնոլորտի մէջ ընթացած ընտրապայքարէն ետք նոյնքան լարուած մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան, Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը՝ AKP-ն հակառակ նախորդ ընտրութիւններու բաղդատմամբ որոշ նահանջի, հասած են առաջին դիրքի վրայ։

Բայց եւ այնպէս, նախագահութեան երեք թեկնածուներէն,– Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան (AKP), Քեմալ Քըլըչտարօղլու (հանրապետական – CHP), եւ ինքզինք որպէս Աթաթիւրքի հետեւորդ եւ ազգայնական բնութագրող ոմն՝ Սինան Օղան, (չորրորդը՝ Մուհարրէմ Ինճէ, վերջին պահուն քաշուած էր),– ոչ մէկը յաջողած է անցնիլ 50%-ի շեմը, որ Ա. շրջանէն ուղղակի նախագահ ընտրուելու պայմանն էր։ Էրտողան ձեռք ձգած է ձայներու 49,42%-ը, իսկ Քըլըչտարօղլու՝ 44,95%-ը։ Հետեւաբար հարկ պիտի ըլլայ երկրորդ շրջան մը, ուր պիտի ճակատին առաջին երկու դիրքերու վրայ հասածներ՝ Էրտողան եւ Քըլըչտարօղլու եւ որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 28-ին։ 

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ խորհրդարանին, ներկայի իշխանութեան AKP-ն շահած է ընդամէնը 600 աթոռէն՝ 266-ը, CHP-ն՝ 169-ը, ազգայնական MHP-ն՝ 50-ը, MHP-ի պառակտումով ի յայտ եկած «Իյի» կուսակցութիւնը՝ 44-ը, քրտամէտ նախկին HDP-ն ալ ընդգրկող նորաստեղծ Կանաչ ձախակողմեան կուսակցութիւնը 62-ը, կրօնամէտ եւ բանուորական փոքր երկու այլ կուսակցութիւններ՝ յաջորդաբար 4-ը եւ 5-ը։  

Նշենք, թէ AKP կուսակցութեան Պոլսոյ ցանկէն երեսփոխան ընտրուած է նաեւ հայազգի տոքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Թուրքիոյ նոր խորհրդարանին մէջ ան ընդհանրապէս փոքրամասնական հաւաքականութեան մը ներկայացուցիչ միակ երեսփոխանը պիտի ըլլայ։