Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորին անդրադառնալով Պրիւսէլի մէջ եռակողմ հանդիպումէն ետք Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի ըրած խնդրայարոյց յայտարարութեան՝ ըսած է, թէ «անհրաժեշտ է ապահովել Ղարաբաղի Հայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, եւ առ այդ պէտք է ստեղծել միջազգային գործիքակազմ»:
Մայիս 15-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ անընդունելի համարած է Վիքթորինի այս խօսքերը, զանոնք համարելով «միջամտութիւն՝ Ազերպայճանի ներքին գործերուն», եւ աւելցուցած, թէ Ազերպայճանի կեցուածքը այդ հարցին մէջ ծանօթ է բոլորին:
“Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչին այդ պնդումները միջամտութիւն են Ազերպայճանի ներքին գործերուն, կը հակասեն միջազգային իրաւունքին եւ անընդունելի են: Ղարաբաղի շրջանը կը հանդիսանայ ինքնիշան Ազերպայճանի անբաժան մասը: Ինչպէս Ազերպայճան բնակող այլ ազգային փոքրամասնութիւնները, Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքներն ալ կ՚ապահովուին մեր երկրին օրէնքներու շրջանակին մէջ”,– նշած է ան։
Վերջինիս պնդումով, ո՛չ ոք պէտք է արգելք հանդիսանայ հայ բնակչութեան հետ երկխօսութիւն հաստատելու Պաքուի փորձերուն:
“Պէտք է վերջ տալ մեր երկրի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւններուն”,– յայտնած է Ազերպայճանի Արտաքին գերատեսչութեան բանբերը: