Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայկական տաղաւար եւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն՝ Գաննի փառատօնին

Մայիս 16-էն 24 ընթացող Գաննի 76-րդ միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ, ֆիլմարուեստի շուկայի հարթակին վրայ, Մայիս 21-ին բացումը կը կատարուի Հայաստանի տաղաւարին, ուր ներկայ կ՚ըլլայ Հայաստանի շարժարուեստի ազգային կեդրոնի պատուիրակութիւնը։ 

Նոյն օրը, «Աւրորայի լուսաբացը» վաւերագրական պատկերաշար ժապաւէնի բեմադիր Իննա Սահակեանին կը յանձնուի 2022 Նոյեմբերին շահած «լաւագոյն ֆիլմ»-ի մրցանակը։ Այնուհետեւ կը ցուցադրուի ժապաւէնը։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Բարեւ, ես եմ» ֆիլմը,– որ ընդգրկուած է Գաննի փառատօնի «դասականներ» բաժնին մէջ,– կը ցուցադրուի Մայիս 25-ին։