Փաստահաւաք առաքելութիւն կատարելու նպատակով Հայաստան կը ժամանեն Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ներկայացուցիչները:
Այցը նախատեսուած է Մայիս 30-էն Յունիս 2:
Հայաստան ժամանող ԵԽԽՎ-ի ներկայացուցիչներն են՝ Համարկումի, գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցերու յանձնաժողովի զեկուցող, «Մտորումներ Լաչինի միջանցքի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներու մասին» զեկոյցի հեղինակ Փօլ Կաւան եւ յանձնաժողովի քարտուղար Թաթիանա Թերմաչիչ։