Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Պոլսոյ իմամներէն մէկը ատելութիւն կը սերմանէ Հայոց դէմ

Պոլսոյ Սուլթանկազիի Ճեպեճի մզկիթին մէջ, իմամ Մուրատ Կիւնտողտու Ուրբաթօրեայ աղօթքի ընթացքին հաւատացեալներուն նախագահական ընտրութիւններու օրը զինուած ըլլալու կոչ ուղղած է, միաժամանակ օգտագործելով «հայ վիժուածք» արտայայտութիւնը։ 

Հեռաձայնով կատարուած տեսագրութիւններէն կը պարզուի, որ նշեալ իմամը  նախագահական ընտրութեան Բ. շրջանէն ետք ներկայի իշխանութիւններուն ընդդիմադիր ուժերու կողմէ ենթադրելի ապստամբութեան մը ակնարկելով, իր հօտին կ՚ըսէ․ “Եղբա՛յրներ, պատրաստեցէ՛ք ձեր զէնքերը։ Մայիս 28-ին պատրաստ պահեցէք ձեր զէնքերը, իմ երկու զէնքերն ալ բոլորովին լեցուն են։ Ան, որ կը վստահի ինքզինքին, թող հրապարակ ելլէ, տեսնենք։ 80 տարի այս երկիրը ինչե՜ր քաշեց ձեր ձեռքէն, հայ վիժուածքներու ձեռքէն։ Այնքա՜ն նահատակներ ունեցանք”։  

Մէկ ուրիշ տեսագրութեան մէջ կ՚երեւի, որ հաւատացեալներէն մէկը բացասական կ՚արձագանգէ զէնքերը պատրաստելու իմամի կոչին, եւ մզկիթին մէջ հրմշտուք կը սկսի։ 

Կիւնտողտու կը պաշտպանէ իշխանութիւնը եւ անոր քաղաքական ուժին քարոզչութիւնը կ՚ընէ, իսկ հաւատացեալները յաճախ կը բողոքեն։ 

Թուրքիոյ Կրօնից գործոց վարչութիւնը յայտարարած է, որ հետաքննութիւն կը կատարէ զէնքերը պատրաստելու վերաբերեալ իմամի կոչին հարցով։ Իսկ արտայայտուած ատելութեան խօսքի նիւթով տակաւին որեւէ պաշտօնական մեկնաբանութիւն չէ կատարուած: