Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն` ԻՒՆԷՍՔՕ–ի Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի Մայիս 18-ի միաձայն որոշումով Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն արձանագրուած է Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ:

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի Մայիս 18-ի միաձայն որոշումով Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն արձանագրուած է Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ:

Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ արձանագրուած «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հին ձեռագրերու հաւաքածոյի, աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի անջրպետային ուսումնասիրութեան եւ յօրինող Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր խազերու եւ երաժշտութեան հաւաքածոյին կողքին, իր արժանի տեղը կը գտնէ հայկական չորրորդ փաստագրական ժառանգութիւնը:

Նշենք, թէ Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարը փաստագրական ժառանգութեան ցանկ մըն է, որուն մէջ ներառուած են այն փաստաթուղթերը, ձեռագրերը, տեսալսողական նիւթերն ու գրադարանային հաւաքածոները, արխիւները, որոնք ճանչցուած են իբրեւ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող արժէքներու մարմնաւորում եւ պէտք է վկայագրուին ու պահպանուին մարդկութեան ապագային համար: