Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՍԿՈՒԱ – Փաշինեան-Ալիեւ բանավէճ՝ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին

Մայիս 25-ին կայացած Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ընդլայնուած նիստը աւարտած է Հայաստանի վարչապետին եւ հրաւիրեալի կարգավիճակով ժողովին մասնակցող Ազերպայճանի նախագահին բանավէճով։ Ան սկիզբ առած է, երբ Նիկոլ Փաշինեան ընդհատելով Ռուսաստանի նախագահի ամփոփիչ ճառը, որոշած է պատասխանել Իլհամ Ալիեւի կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպման օգտագործումին՝ նշելով, թէ արդպէսով Ազերպայճան հողային պահանջներ կը ներկայացնէ Հայաստանին։

“Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ [եռակողմ] յայտարարութեան մէջ միայն մէկ միջանցքի մասին կը խօսուի, եւ այդ մէկը Բերձորի միջանցնքն է, որ պէտք է գտնուէր ռուսաստանցի խաղաղապահներու հոսկողութեան տակ, սակայն, ցաւօք սրտի, անօրինականօրէն փակուած է Ազերպայճանի կողմէ։ 

Միւս կողմէ, կ՚ուզեմ շեշտել, որ Հայաստան պատրաստ է ապաշրջափակելու երթեւեկութեան եւ տնտեսական հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները, որոնք կ՚անցնին Հայաստանի տարածքով, զոր մենք կ՚անուանենք հայկական խաչմերուկ, եւ մենք պատրաստ ենք, ինչպէս ըսի, բանալու զանոնք՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան և օրէնքներու համաձայն”,– ըսած է Փաշինեան։

Հայաստանի վարչապետի այս յայտարարութիւնը Ալիեւ անպատասխան չէ ձգած. “Ես, ի հարկէ, չեմ փափաքիր բանավէճ սկսիլ, բայց քանի որ այստեղ մեղադրանք հնչեց, թէ մենք հողային պահանջներ ունինք Հայաստանէն, ես պէտք է նշեմ՝ նման նկրտում մենք չունինք։ Պէտք է շատ մեծ ջանք գործադրել եւ շատ վառ երեւակայութիւն ունենալ, իմ խօսքերուն մէջ հողային պահանջներ տեսնելու համար։ Ինչ կը վերաբերի իմ արտասանած «միջանցք» բառին, նոյն բառը ես կը գործածեմ «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքի մասին խօսելու ժամանակ ալ։ Միջանցք բառը ոեւէ մէկուն տարածքին հանդէպ ոտնձգութիւն չի նշանակեր”։

Փաշինեան-Ալիեւ շուրջ տասը վայրկեան տեւած բանավէճի ընթացքին Ազերպայճանի նախագահը պնդած է, թէ Պաքու Բերձորի միջանցքը ոչ թէ փակած, այլ հոն անցակէտ տեղադրած է, իսկ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Երեւան ու Պաքու համաձայնած են հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման մասին։ Բանավէճը աւարտած է Ռուսաստանի նախագահի միջամտութենէն ետք։

“Միջանցք, ճամբայ՝ այդ ամէնը կարեւոր է, եւ այստեղ որոշ հակասութիւններ կան։ Սակայն, շատ աւելի կարեւորը է այն, որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ հողային ամբողջականութեան հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է”,– եզրակացուցած է Ռուսաստանի նախագահը։