Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փութին–Փաշինեան–Ալիեւ հանդիպումը՝ Մոսկուայի մէջ

Մայիս 25-ին, Քրեմլինի պալատին մէջ կայացած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներ՝ Փաշինեանի, Փութինի եւ Ալիեւի հանդիպումը։

Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային երթեւեկի եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր: Համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանքները շարունակելու շաբաթ մը վերջ՝ երեք երկիրներու փոխվարչապետերու տեսակցութեան շրջանակին մէջ։